Բրիտանական «Financial Times» թերթի խմբագիրներէն Տէյվիտ Կարտնըր կը գրէ, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամբ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ոչնչացնելու համար ընտրութիւն պիտի կատարէ Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ:
Կարտնըր յիշեցուցած է, որ ամերիկեան ուժերը Մոսուլը ԻՊ-էն ազատագրելու համար արդէն իսկ համագործակցած են քրտական ուժերու հետ: Ընդգծելով, որ յաջորդ թիրախը սուրիական Ռաքքան պիտի ըլլայ՝ կը գրէ. «Այժմ խնդիրը այն է, թէ ինչպէս գրաւել Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող ԻՊ-ի միջնաբերդ Ռաքքան: Սա կը նշանակէ, որ ԱՄՆ-ն ընտրութիւն պիտի կատարէ իրեն դաշնակից, բայց միաժամանակ իրար թշնամի երկու ուժերու՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քրտական ուժերու (YPG) միջեւ»:
Ըստ Կարտնըրի՝ Թրամբի որոշումը կը կանխորոշէ ոչ միայն ԻՊ-ի, այլեւ քիւրտերու ճակատագիրը:
Անոր համաձայն, Թրամբ նախընտրական արշաւի ժամանակ «ԱՄՆ-ի ամենահաւատարիմ, ամենալաւ կռուողները» բնորոշմամբ գոված էր քրտական ուժերուն: 2014-2015-ին Քոպանիի ազատագրումէն ետք քիւրտերը դարձած են ԱՄՆ-ի գրեթէ «անփոխարինելի» դաշնակից:
Ի տարբերութիւն քիւրտերու՝ Թուրքիոյ դիրքերը ԱՄՆ-ի մէջ այժմ ուժեղ չեն: Կարտնըր նշած է, որ հակառակ որ Թուրքիան միայն անցած ամրան պայքար սկսած է իսլամիստներու դէմ, բայց ամէն անգամ այդ հանգամանքը բաւարար չըլլար, որպէսզի Թրամբ Ռաքքայի մէջ հրաժարի քրտական ուժերէն եւ համագործակցի Թուրքիոյ հետ:
Կարտնըրի կարծիքով՝ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող «Եփրատի վահան» ռազմական գործողութիւնը մէկ գլխաւոր նպատակ ունի. կանխել քրտական ուժերու անցումը դէպի Եփրատի արեւմուտք եւ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները միաւորել:
Այդ իսկ պատճառով Կարտնըր հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիոյ վստահելիութիւնը Սուրիոյ հիմնախնդրի լուծման հարցին:
Ըստ անոր՝ թրքական բանակը բաւական թուլացած է, յատկապւս 15 յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձին յաջորդած շրջանին, եթէ Թուրքիան ստորաբաժանումները չվերակազմաւորէ, չի կրնար հասնիլ այն հզօրութեան, ինչն այս պահուն ունին քրտական ուժերը:
«Թրամբ ԻՊ-ի դէմ պայքարի ստիպուած է ընտրութիւն կատարել աւելի սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունեցող եւ հաւատ չներշնչող «Եփրատի վահան» եւ քրտական ուժերու առաջնորդութեամբ իրականացուող «Եփրատի ցասում» գործողութիւններու միջեւ»,- եզրափակած է Կարտնը: