Օրերս շարք մը ամերիկեան լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ Թրամբ անցնող փետրուարի ընթացքին Ամերիկաեան օդուժին կողմէ Տէր Զօրի վրայ օդային յարձակումներ կատարած ըլլալու մասին որոշ մանրամասներ բացայայտած է:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, Թրամբ նշած է, թէ յիշեալ յարձակումներու ժամանակ ռուս զինուորներ սպաննուած են:
Աղբիւրին փոանցմամբ, Թրամբ անցնող շաբաթ բարեգործական ձեռնարկի մը ընթացքին գնահատած է յարձակումներուն մասնակցութիւն բերած «F-18» կործանիչի օդաչուներէն մէկը:
Փոխանցուած լուրերուն համաձայն, յարձակումները տեւած են 10 օր, որոնց ընթացքին 100-300 ռուս զինուոր սպաննուած է: