image

Թրամբ խօսած է Տէր Զօրի վրայ եղած ամերիկեան հարուածներուն մասին

Թրամբ  խօսած է Տէր Զօրի վրայ եղած ամերիկեան հարուածներուն մասին

Օրերս շարք մը ամերիկեան լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ Թրամբ անցնող փետրուարի ընթացքին  Ամերիկաեան օդուժին կողմէ Տէր Զօրի վրայ օդային յարձակումներ կատարած ըլլալու մասին որոշ մանրամասներ բացայայտած է:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, Թրամբ նշած է, թէ յիշեալ յարձակումներու ժամանակ ռուս զինուորներ սպաննուած են:

Աղբիւրին փոանցմամբ, Թրամբ անցնող շաբաթ բարեգործական ձեռնարկի մը ընթացքին գնահատած է յարձակումներուն մասնակցութիւն բերած «F-18» կործանիչի օդաչուներէն մէկը:

Փոխանցուած լուրերուն համաձայն, յարձակումները տեւած են 10 օր, որոնց ընթացքին 100-300 ռուս զինուոր սպաննուած է: