ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարար Ռեքս Թիլլերսըն հինգշաբթի օր Անգարա միօրեյ այցին՝ պիտի կեդրոնանայ Էրտողանի հետ Սուրիոյ հակամարտութեան հարցի քննարկման վրայ եւ հանդիպում պիտի չունենայ թուրք ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
Ըստ ԱՄՆ ԱԳ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի յայտարարութեան, Թիլլերսըն հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Էրտողանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին հետ առնչութիւն ունեցող նախարարներու հետ:
Նշուած է, որ Սուրիոյ հակամարտութեան հարցը քննարկելով գլխաւորաբար շեշտը պիտի դրուի ԱՄՆ ուժերու օգնութեամբ Ռաքքան ազատագրելու վրայ:
Նշենք, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ նահանգներու հիմնական անհամաձայնութիւնը կը կայանայ Ռաքայի մէջ պայքարող քրտական ուժերուն շուրջ, զորս ԱՄՆ կը համարէ քաղաքի ազատագրման սատարող հիմնական ուժերէն մէկը, մինչդեւ Թուրքիա կը համարէ, որ անոնք Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան հետեւորդներ են: