image

Թիֆլիս. Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած

Թիֆլիս. Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ  լարուած

Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, որոնք սկսած էին 20 յունիսին ՌԴ պետդումայի պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլովի ելոյթի պատճառով, որ ներկայ եղած էր Վրաստանի մէջ իրականացուող Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին:

Նիստի մեկնարկէն ետք ան նստած էր խորհրդարանի խօսնակի աթոռին եւ ներկաներուն ռուսերէնով ուղերձ յղած:


Բողոքի ցոյցի մասնակիցները գրոհած էին խորհրդարանի շէնքը, քանի մը անգամ փորձած են ներս մտնել: Քաղաքացիները միացած են ընդդիմութեան եւ կը պահանջեն կառավարութեան անդամներու՝ խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէի եւ ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականը:

Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ցոյցերը պետական յեղաշրջման փորձ  անուանած է:

Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն երէկ  հրաժարական տուած է: 

Ընդդիմադիրները այժմ կը պահանջեն ՆԳ նախարարի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակում:

Երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին երկրին մէջ կազմակերպուած ցոյցերու համար մեղադրած էր Ռուսաստանը, ինչին ի պատասխան ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը վրաց նախագահի յայտարարութիւնը «ոչ փրոֆէսիոնալ» անուանած էր՝ նշելով, որ Ռուսաստանի վրայ մեղք բարդելու փորձերը կը խեղաթիւրեն իրավիճակը: