image
Հրատապ լուրեր:

Թէ ինչպէս Շարլ Ազնաւուր Երեւանի մէջ տեսաւ իր հարազատ մեծ մայրը

Թէ ինչպէս Շարլ Ազնաւուր Երեւանի մէջ տեսաւ իր հարազատ մեծ մայրը

(Հատուած՝ Շարլ Ազնաւուրի «Անցած օրեր»  յուշագրութենէն, որ կը վերաբերի Հայաստան անոր առաջին այցին՝ 1967 թուականին):  


Հիւրախաղերէն մէկուն աւարտին որոշած էինք երթալ Հայաստան: Պայմանագիրը կնքելու պահուն ստիպուած էի պնդել, որպէսզի տեսնեմ իմ նախնիներուն երկիրը: Կը զարմանայի, թէ ինչէ՞ն կը վախնան իշխանութիւնները: Ճիշդ է, որ հրաժարած էի երգերուս թեքստերը յանձնել գրաքննութեան: Սակայն, ի դէպ, ի՞նչ բան գրաքննութեան պիտի ենթարկէին: Ծայրայեղ պարագային՝ «Սէրէն յետո՞յ»ն: Ճիշդ ատոր համար ալ չէի ուզեր յանձնել: Այդպէս, մինչեւ վերջին րոպէն չներկայացուցի կատարելիք երգերուս թեքստերը:

Երեւանի օդակայանը հասնելով, օդակայանի դռնակը բացուելուն պէս, երեսիս այնպիսի պաղ մը զարկաւ, որ չէի կրնար երեւակայել: Ի՜նչ միամիտ էի: Ի՜նչ անտեղեակ: Կը կարծէի, թէ Հայաստանը աւելի տաք երկիր է: Ձիւնը կը տեղար խոշոր փաթիլներով: Ի՛նչ փոյթ, կը փափաքէի գալ այս երկիր, ահա եւ եկած եմ:

Աստիճաններով իջած ատենս ձեռքերուս մէջ դրին մեծ ծաղկեփունջ մը: Արդէն իսկ շատ բան չէի կրնար տեսնել առատ տեղացող ձիւնին պատճառով, հիմա արդէն ոչինչ կրնայի տեսնել: Ծաղկեփունջս դրի զիս դիմաւորող կոմիտէի առաջին քարտուղարին գիրկը ու անոր երեսներուն երկու սառած ճողփիւն դրոշմելէ ետք ջանացի ետ չվերցնել անյարմարաւէտութիւն պատճառող նուէրս, դարձայ դէպի պաշտօնեաները, որոնք եկած էին զիս դիմաւորելու՝ «բարի եկար»ի խօսքերով, անշուշտ՝ հայերէն, վրան ալ՝ «Բարի եկաք ձեր տուն, ուրախ ենք, որ վերադարձած էք»:

Ի՞նչ վերադարձ: Ես հոս երբեք ոտք չէի կոխած, ոչ ալ՝ ծնողքս: Անոնք ինծի նման օտար երկիրներու ծնունդ էին: Հազիւ անջատուած էի պաշտօնեաներէն, մէյ մըն ալ ինկայ երկու հարիւր հոգիի մէջ, բոլորը՝ ազգականներ, այդպէս ըսին ինծի: Չէի երեւակայեր, որ այս երկրին մէջ, ուր նոյնիսկ իմ մեծ հայրերս չեն եղած, այդքան շատ ազգական ունիմ: Եւ սկսան «Շարլ ճան»,«սիրելի Շարլ», «ախպար ճան»երը, ձեռքսեղմումներ, վիզէս կախուիլ, պաչպչոց: Իւրաքանչիւրը բան մը ունէր ըսելիք, ամէնքն ալ հանդիպումներ կ՚ուզէին, որ ծանօթանամ գերդաստանի միւս անդամներուն՝ երախաներ, մեծահասակներ, ալ չեմ գիտեր ո՞վ:

Կը հրմշտէին, կը քաշքշէին, շատ աւելի գէշ, քան՝ «Օլիմփիա»էն դուրս եկած ատենս: Զիս ձեւով մը խցկեցին սեւ «Լիմուզին»ի մը մէջ, այն տեսակներէն, որ կը գործածէին կուսակցութեան կարկառուն անդամները: Այտան, գլխարկն ու մուշտակը ծուռ ու շիտակ, նմանատիպ «Այտա ճան», «սիրելի Այտա»ներէն ետք վերջին վայրկեանին նոյնպէս ինկաւ «Լիմուզին»ին մէջ:

Վերջապէս մեկնեցանք պանդոկ, ուր կը կարծէինք, թէ հանգիստ կ՚ըլլանք: Երանի՜: Սրահը պայթելու չափ լեցուն էր, բոլորն ալ՝ հեռաւոր ազգականներու շառաւիղներ: Չէինք երեւակայեր, որ Եղեռնէն յետոյ, որ այնուամենայնիւ ոչնչացուցած էր մեզէ հազարաւոր մարդ՝ երկրի բնակչութեան կէսը, յաջողած էր ցեղը նորացնել այդ աստիճան: Անուանենք այդ մէկը օրօրոցներու վրէժ: Անլուր տառապանքներով վերջապէս հասանք մեր սենեակ: Հազիւ ուֆ մը քաշած էի, երբ հեռաձայնը սկսաւ զարնել, զարնել եւ զարնել: Քաշեցինք բոլոր լարերը:

Լոգնալէ յետոյ կը մտածէի հանգիստ պատառ մը ուտել քրոջս եւ երաժիշտներուն հետ: Ա՜յդ պակաս էր, մենք պաշտօնական հրաւիրեալներ էինք: Այլեւս չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ կերանք, բայց ինչ կը վերաբերի արմուկը բարձրացնելուն, գործ ունէի մեծ մասնագէտներու հետ: Աշխարհի ախոյեաններ էին: Ամէն մէկ գաւաթ, որ կը բարձրացուէր, պիտի ուղեկցուէր կենացով մը, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ ես ալ իմ բաժին կենացը ըսէի:

Սակայն սեղանի մարզանքի այս տեսակը ծանօթ էր մեզի: Այդ գրեթէ անհնար վիճակէն դուրս գալու համար յիշեցի հայրս, որ իմ կարծիքով իր ամենէն յիշարժան կենացը ըսած էր աղջկանս՝ Սեդային, զոր այն ատեն տակաւին Փաթրիսիա կը կոչէինք, կնունքին առթիւ: Ուրեմն, 1956 թուականին Սեդան ինը տարեկան էր, երբ վերջապէս օր մը յարմարցուցինք զայն մկրտելու համար: Պարտադիր կերպով Հայ Առաքելական Եկեղեցի այցելելու համար մօտ քառասուն հոգիով՝ ազգականներով ու ընկերներով հաւաքուեցանք Լամարթին փողոցին վրայ, «Լիլա» հայկական նշանաւոր ճաշարանին մէջ:

Հօրս կազմակերպչական ջիղին պարտական էինք որկրամոլական այդ ճաշի ու վոտկայի, րախիի ու կարմիր գինիի անվերջանալի շիշերուն համար: Ան սեղանը կը գլխաւորէր որպէս կատարեալ սեղանապետ մը՝ ոեւէ հայու ու վրացիի համար անհրաժեշտ արարողապետ մը: Ոչ մէկ գաւաթ կը բարձրացուէր առանց վերջինիս հրամանին, անոր խօսքը պարտադիր պայման էր խմելու համար, եւ տակաւին պէտք էր սպասել կենացի աւարտին: Թամադանը պէտք է ըլլայ քերթող, հռետոր, քիչ մը դերասան, փափաքելի են նաեւ երգիչի եւ աշուղի շնորհները: Հայրս վարպետ էր այդ գործին մէջ, ունակ էր գաւաթը ձեռքին ժամեր շարունակ շունչը պահած ձգել ներկաները: Փաթրիսիայի մկրտութեան ընթացքին ան մեզի պարգեւեց իր լաւագոյն ելոյթը: Ամէն դաւանանքի եւ ազգի մարդիկ հաւաքուած էին սեղանին շուրջ: Նախուտեստներով, ազգային կերակուրներով, պանիրներով, աղանդերներով, սուրճով եւ քոնիաքով ինը ժամ նստած մնացինք սեղանին շուրջը եւ ոեւէ մէկուն միտքէն չանցաւ բողոքել: Հայրս գործի դրած էր իր ողջ գիտելիքն ու տաղանդը՝ յուզելու, զուրաճացնելու եւ հետաքրքրելու լսարանը եւ այս բոլորը՝ վերընթաց կերպով: Նախ այդ մէկը սեղանին շուրջ գտնուողներուն կենացներն էին, անոնց լաւ կողմերուն գովքն ու թերացումներուն նզովքը: Յետոյ խմեցինք Եղեռնի դժոխքին զոհ գացածներու հոգիի հանգստութեան համար, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր գինիի գաւաթին մէջ թաթխեց հացի պզտիկ կտոր մը եւ դրաւ պնակին ծայրը: Կը խմէինք բոլոր անոնց համար, որոնք արժանի էին հայ ըլլալու եւ որոնք հայրս կը հայացնէր նոյն դիւրութեամբ, որով ինք կ՚ուզէր ֆրանսացի դառնալ: Իւրաքանչիւր կենացէ յետոյ գաւաթները նորէն կը լեցուէին, յիշատակն ու գովքը անդադար կը յաջորդէին իրարու: Խմեցինք թաղին կենացը, ուր կը բնակէինք, քարէ կամուրջին, ուրկէ անցած էին, նաւուն, որ մերինները փոխադրած էր Մարսէյլ, երկաթուղիին, որ զիրենք հասցուցած էր Փարիզ, եւ անշուշտ՝ Ֆրանսային, զիրենք հիւրընկալած արուարձաններուն, Ալֆորվիլին, Իսի-լէ-Մուլինոյին եւ այլ վայրերուն կենացները: Հետաքրքրական էր, թէ մեզ մինչեւ ո՞ւր պիտի տանէր հօրս երեւակայութիւնը: Այս ամէնը կ՚ուղեկցուէր բանաստեղծութիւններով եւ երգերով, ինչ որ կը կատարէին հիւրերէն ոմանք:

Ի՜նը ժամ: Ինը ժամ նստած, ինը ժամ խմելով ու ամէնքն ալ կրնային հիանալիօրէն մարսել թէ՛ կենացները, թէ՛ խմիչքը:

Նայուածք մը նետելով այն շիշերուն վրայ, որ սպասաւորները կը շարէին ետեւս, զիս կը հետաքրքրէր, թէ հայրս ինչպէս պիտի աւարտէ իր ելոյթը: Եւ հայրս փայլուն կերպով եզրափակեց այդ օրը՝ վերջին երեք գաւաթը բարձրացնելով ջուրի, կազի եւ ելեկտրականութեան համար: Ֆրանսայի սեղանապետերը այլ երկիրներու սեղանապետներուն նախանձելու առիթ ունին, եւ ես վստահ եմ, որ այդ առաջին եւ շատ գեղեցիկ ելոյթը երբեւէ իրեն նմանը չունեցաւ:

Հայրս սովորոյթ մը ունէր ածականներ տալու իր ծանօթներուն եւ ընկերներուն, օրինակի համար՝ «արջ Պետրոս», «էշէկ Սիմոն»  եւ շատ ուրիշներ: Սիմոնը երբեք յիմար մարդ մը չէր, ո՛չ, ուղղակի անոր այդ մէկը բաժին ինկած էր եւ Ֆրանսա ապրելու տարիներուն բոլոր ընկերները անոր «էշէկ Սիմոն» կ՚ըսէին: 1947 թուականին Հայաստան գալէ ետք, ան պանդոկի ճաշարանը աւագ մատուցող էր: 

«Ես էշէկ Սիմոնն եմ», ինծի մօտենալով ըսաւ ան: Այտան ու ես զինք ճանչնալով ու տեսնելով շատ ուրախացանք: Ան ականջիս ըսաւ. «Մեծ մայրդ պանդոկի սրահն է, բայց պաշտօնեաները գոցած են ազգականներուդ ճանապարհը»:

Այտային հետ ելանք ու գացինք ծանօթանալու հօրս մօրը հետ, որ իննսունվեց տարեկան, շատ բարձր ձայնով, ժիր ու մնլիկ կին մըն էր, զոր կրնայի մէկ ձեռքով բարձրացնել: Պաչպչոցէն ետք ան մեզի ըսաւ, թէ Օփերայի մէջ, ուր պէտք էր ելոյթ ունենայի, բոլոր տեղերը բաժնուած էին կուսակցականներուն, իսկ իմ ընտանիքիս անդամները նոյնիսկ աթոռի մը չէին արժանացած:

Կուսակցական թէ անկուսակցական, յաջորդ առաւօտեան վերջնագիր մը, աւելի ճիշդ՝ երկու վերջնագիր ներկայացուցի: Օփերայի բեմին վրայ դրուած էին ամենէն միջակ կարգի դաշնակ մը ու Սթէյնուէյ տեսակի դաշնակ մը, ինծի յատկացուցին միջակը, քանի որ ես դասական արուեստագէտ չէի: Օփերայի մէջ շատ արագ հասկցան, որ հայկական ծագումս չի խանգարեր խիստ տաքարիւն կերպով բանեցնել պոռալու եւ ձայնս բարձրացնելու զուտ փարիզեան արուեստը: Հայաստանի մէջ, ինչպէս ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ, մարդիկ ակնածալից վախ ունէին պոռացողներէն: Դաշնակը փոխուեցաւ, ինչ կը վերաբերի մերձաւորներուս տեղերուն, եօթը տեղ պոկեցի առաջին կարգին ճիշդ մէջտեղը ու կուսակցական որոշ ջոջեր ղրկուեցան աւելի համեստ տեղեր:

Այդ պահէն սկսեալ՝ բոլոր համերգներուն փոքրամարմին մեծ մայրս վեց ուրիշ ազգականներուս հետ առաջին կարգի վրայ էր: Այսպիսով, այնտեղ ըլլալուս ողջ ընթացքին մեծ մայրս դահլիճին մէջ՝ իմ դիմացս նստած էր:

Երեւանի մէջ ուսանողները Օփերայի պատերը խծփծած էին. «Տեղերը կուսակցութեան համար են, սակայն Ազնաւուրը մերն է»: