Երէկ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր 566 դէպք արձանագրած ենք. Սա ըստ էութեան կ'արտայայտէ այն բանը, թէ մենք 7-14 օր առաջ ինչպէս պահպանած ենք հակահամաճարակային կանոնները Հայաստանի մէջ: Այս մասին, 11 յունիսին, պարետատան նիստէն ետք կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Այսինքն մենք համոզուած ենք, որ մեր կողմէ սահմանուած կանոններու պահպանումը պիտի բերէ դէպքերու զէրոյացման: Այսօր մեր կողմէ կանոններու պահպանման մակարդակը արդիւնքներու կը բերէ 7-14 օր ետք, որովհետեւ հիւանդութեան շրջանը այդքան է: Այսինքն մենք 7-14 օր առաջ պատշաճ չենք պահպաներ հակահամաճարակային կանոնները»,-ըսած է Փաշինեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան արտահերթ նիստ, ուր որոշում պիտի կայացուի արտակարգ դրութեան ռեժիմը երկարացնելու վերաբերեալ. այն պիտի երկարացուի եւս մէկ ամսով, քանի որ իրավկճակը, որուն պատճառով արտակարգ դրութիւն սահմանուած էր, վերացուած չէ:
«Կառավարութեան որոշումէն ետք տեղի կ'ունենայ ԱԺ յատուկ նիստ եւ այնտեղ կը քննարկենք մանրամասները մեր ըրածի, չըրածի եւ ընելիքներու»,-ըսած է վարչապետը: