Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան սուրիական «Ալ-Ուաթան» թերթի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է տեղական շուկային մէջ վաճառուած ոսկիին քանակին եւ անոր գինին տատնումին մասին:
Ան դիտել տուած է, որ ոսկիի գինին բարձրացումը քանի մը պատճառներու կը վերագրուի: Առաջինը՝ Չինաստանի մէջ յիշատակուող Ամանորն ու անոր ազդեցութիւնն է, երկրորդը՝ համաշխարհային դրամատուներուն «Դեղին Պղինձ»ով փոխանակումներ կատարելու նորովի գործելաոճը, որպէս ապահով միջոց, տոլարի արժէքին տատանումին, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի գերպետութիւններու տնտեսութեան դէմ մղած միջազգային առեւտրական պատերազմին ի տես:
Ետալեան ըսած է, որ սուրիական շուկայէն ներս ոսկիի սպառման աճը՝ սուրիական լիրային փոխարժէքին տատանումին հետեւանքով, ջնջին ազդեցութիւն կը թողու անոր գինին բարձրացման վրայ, աւելցնելով, որ ներկայիս 21 ոսկի քարադին մէկ կրամը կ'արժէ 18,600 ս.ո.:
Ետալեան դիտել տուած է, որ տեղական ոսկիի գինին բարձրացման հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ համաշխարհային սակարանէն ներս ունկիի (Օնսա) գինի բարձրացումը: Ան միշտ ենթակայ է բարձրացումի Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն ընթացքին, յատկապէս չինական Ամանորի նախօրէին, որովհետեւ այդ օրերուն 1,5 միլիառ հաշուող չինացիները յարակից պետութիւններուն հետ տասնեակ կամ նոյնիսկ հարիւրաւոր թոներով ոսկի կը փոխանակեն որպէս նուէր, ինչ որ հիմնական ազդեցութիւն կը թողու համաշխարհային տարողութեամբ ոսկիի գինին բարձրացման վրայ: Զաքի աւելցուցած է, որ չինական Ամանորը (կամ Գարնան տօնը) յստակ թուական չունի, սակայն սովորաբար կը յիշատակուի Յունուարէն Մարտ ամիսներուն ընթացքին: Այս տօնակատարութիւնները կը շարունակուին Չինաստանի, Թայուանի, Թայլանտի, Սինկափորի, Վիէթնամի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու մէջ 15 օրուան տեւողութեամբ:
Զաքի հաստատած է, որ վերջին տարիներուն ոսկին կարեւորագոյն եւ ապահովագոյն փոխանակման միջոցը դարձած է պետութիւններուն, համաշխարհային ընկերութիւններուն եւ առեւտրականներուն համար, մանաւանդ, որ վերջերս ամերիկեան անարդար օրէնքներուն հետեւանքով սահմանափակուած են պետութիւններու միջեւ առեւտրական փոխանակումները: Երեւոյթ մը, որ ազդած է համաշխարհային առեւտրական շարժումին վրայ: Վերջինս երկրորդ պատճառը կը հանդիսանայ համաշխարհային մակարդակով ոսկիի գինին բարձրացումին: Սուրիական մակարդակի վրայ, ոսկիին գինին բարձրացումը ազդուած է ե՛ւ անոր միջազգային գինին բարձրացումէն, ե՛ւ տեղական շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց սուրիական լիրային անկումէն: Վերջինիս փոխանակման գինը ամերիկեան տոլարին դիմաց հասած է մինչեւ 530 ս.ո.-ի: Զաքի դիտել տուած է, որ Սիրոյ կամ այլ տօներու առիթով ոսկիի մանր առեւտուրը մեծ ազդեցութիւն չի թողուր տեղական շուկայէն ներս անոր գինին բարձրացման վրայ:
Եզրափակելով Ետալեան ըսած է, որ այս օրերուն, յատկապէս, տեղական դրամատուներուն, երոպական կեդրոնական դրամատուներուն եւ Ծայրագոյն Արեւելքի պետութիւններուն կողմէ ոսկիի պահանջը աճ արձանագրած է ԱՄՆ-ի տնտեսական որոշումներուն եւ դրամանիշներու փոխարժէքին մշտական տատանումին հետեւանքով: Սա պատճառ դարձած է, որ դրամատուները հարիւրաւոր թոներով ոսկի գնեն՝ իրենց սեփական ներդրումներուն ոլորտը պաշտպանուած պահելու համար: