image

Վրաստան հասած է «Ասթրազէնիքա» պատուաստի առաջին խմբաքանակը

Վրաստան հասած  է «Ասթրազէնիքա» պատուաստի առաջին խմբաքանակը

Վրաստան COVAX հարթակի միջոցով ստացած է AstraZeneca ընկերութեան մշակած եւ Հարաւային Քորէա արտադրուած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի 43200 դեղաչափի առաջին խմբաքանակը, գրած է rbc.ru-ն, նշելով, որ այս Վրաստան առաքուող պատուաստներու առաջին խմբաքանակն է:

Վրաստանի առողջապահութեան նախարար՝ Էքաթերինէ Թիքարաձէի խօսքով՝ երկիրը պատուաստ պիտի ստանայ փուլ առ փուլ: Ըստ Վրաստանի պատուաստման ծրագրի` առաջին փուլին երկրին մէջ կը պատուաստուին բուժաշխատողները:

Առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին երկիրը պատուաստի 129 600 դեղաչափ եւս կը ստանայ: