Հայաստան- Ազրպէճանի կողմէ երէկ գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով երէկ Տաւուշի մէջ վիրաւորեալներուն իրավիճակը կայուն է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Tert.am-ը, որ նաեւ կը գրէ, թէ վիրաւորեալներէն Արմէն Հախվէրտեան ՝ արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն: Աղբիւրը, որ զրուցած է Տաւուշի մարզի Բերդաւանի գիւղապետ Արարատ Գաբրիէլեանին հետ նաեւ կը փոխանցէ, թէ Նորա Մարաշլեան կը գտնուի հիւնադանոց եւ անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Նշենք, որ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար եւ Բերդաւան շրջաններուն դէմ կատարուած կրակոցներուն հետեւանքով երէկ ինկած էին 3 զոհեր: 3 Զոհերն ալ խաղաղ բնակիչներ են: