image

Տաւուշի Մէջ Վիրաւորուածներուն Վիճակը Կայուն Է

Տաւուշի  Մէջ  Վիրաւորուածներուն Վիճակը Կայուն Է

Հայաստան- Ազրպէճանի կողմէ  երէկ գրանցուած  կրակոցներուն   հետեւանքով  երէկ  Տաւուշի մէջ  վիրաւորեալներուն իրավիճակը  կայուն է: Այս  մասին լուրը կը փոխանցէ  Tert.am-ը, որ նաեւ  կը գրէ, թէ վիրաւորեալներէն Արմէն Հախվէրտեան ՝   արդէն  դուրս եկած է հիւանդանոցէն: Աղբիւրը, որ զրուցած է  Տաւուշի     մարզի Բերդաւանի  գիւղապետ  Արարատ Գաբրիէլեանին հետ նաեւ կը փոխանցէ, թէ  Նորա  Մարաշլեան   կը գտնուի հիւնադանոց եւ անոր   վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Նշենք, որ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար եւ Բերդաւան  շրջաններուն դէմ   կատարուած կրակոցներուն հետեւանքով երէկ ինկած էին    3 զոհեր: 3  Զոհերն ալ  խաղաղ  բնակիչներ են: