image

ԱՀԱԸ-ի 107-րդ տարեկան համաժողովը՝ միասնութեան եւ ծառայութեան նոր տեսլականով

ԱՀԱԸ-ի 107-րդ տարեկան համաժողովը՝ միասնութեան եւ ծառայութեան նոր տեսլականով

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 107-րդ տարեկան համաժողովը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու աշխարհասփիւռ հայ աւետարանական համայնքներուն ծառայութիւնները, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապագայի համագործակցութեան հեռանկարները։ Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ ներկայացուց Սուրիոյ հայ աւետարանական կառոյցներուն վերջին մէկ տարուան բազմաբնոյթ գործունէութիւնը։


Ստորեւ այդ մասին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջով տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

17 Հոկտեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան AMAA 107-րդ տարեկան համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքին մէջ։

ԱՀԱԸ-ի նախագահ Կէրի Ռ. Ֆիլիփսի եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սերժ Պչաքճեանի գլխաւորութեամբ գումարուած ժողովը մէկտեղեց ընկերակցութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամներն ու ղեկավարութիւնը, Հայ Աւետարանական Միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ պատուիրակներ։ Ներկաներու շարքին էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ) նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, եւ ՀԱՀԽ-ի գործադիր տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաքեան։

Տարեկան համաժողովը բացառիկ պատեհութիւն ընձեռեց ունկնդրելու համաշխարհային ընտանիքի տարբեր շրջաններու տեղեկագիրներն ու զեկոյցները, ներառեալ՝ ՄԱՀԱԵՄ-ի, Հայկազեան Համալսարանի եւ շրջանային միութիւններու գործունէութեան արդիւնքները։

Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին օրուան հրատապ մարտահրաւէրները․

* Արտագաղթն ու տնտեսական դժուարութիւնները,

* Մեր համայնքներու կենսունակութեան պահպանումը,

* Քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդումն ու փոխանցումը նոր սերունդներուն,

* Գործակցութեան սերտացումն ու ապագայի միասնական տեսլականի իրագործումը։

Համաժողովի ընթացքին, Վեր. Դոկտ. Սելիմեան ցուցադրեց յատուկ պատրաստուած տեսերիզ, որ կ’ամփոփէր ՄԱՀԱԵՄ-ի մաս կազմող Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն վերջին մէկ տարուան կրթական, բժշկական, մարդասիրական, երիտասարդական, ընկերային եւ հոգեւոր բազմաբնոյթ ծառայութիւնները։

107-րդ տարեկան համաժողովը վերահաստատեց բոլորին անսասան յանձնառութիւնը՝ առաւելագոյնս զօրավիգ կանգնելու հայկական հաստատութիւններուն ու համայնքներուն, պահպանելու մեր արժէքները եւ շարունակաբար ամրապնդելու Հայ Աւետարանական մեծ ընտանիքի միասնականութիւնը։