Անկասկած, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ Տուն մուտք գործելէն ետք, Միջին Արեւելքի համար նորութիւններ երեւան պիտի գան:
Ընդունուած խօսք է, որ ԱՄՆ նախագահական համակարգով գործող իշխանութեան համար, անհատները մեծ ազդեցութիւն չեն ունենար, հապա այդ «կայսրութեան» յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը երկար տարիներու մշակման արդիւնք կ'ըլլայ:
Ուրեմն պէտք է հասկնալ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող քաղաքական եւ դիւանագիտական գործընթացները մէկ հոգիով չէ, որ կը կառավարուին: Այլ կերպ ըսած, անձերը, կամ այս պարագային նախագահը չէ, որ կ'որոշէ նախօրօք գծուած ծրագրին գործի դրուիլը կամ յետաձգուիլը:
Եթէ այս հաշուարկով մօտենանք խնդրին, ուրեմն շատ բան պէտք չէ ակնկալել ԱՄՆ 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, որ որպէս նախագահ, Սպիտակ Տուն մուտք պիտի գործէ յառաջիկայ տարուան յունուարին:
Բայց խորքին մէջ այդպէս չէ:
Շատերու կողմէ, որպէս «քաղաքական երկրաշարժ» բնութագրուած այս ընտրութիւնը, միայն ներքին ազդակներու վրայ եղած ընտրութիւն ալ չէ: Ընտրութիւններուն առընթեր կարեւոր դերակատարութիւն ունին Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս մեր հայեացքներուն կիզակէտը դարձած Միջին Արեւելեան քաղաքականութիւնը, որ վերջին տարիներուն աւերիչ եղաւ այս աւազանին շուրջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար:
Այստեղ առարկելու ալ չէ, որ վերջին տարիներուն արեան եւ վառօդի շուրջպարին մէջ ապրող ժողովուրդներու տառապանքին համար պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին դրուած է ԱՄՆ-ի ուսերուն, որովհետեւ այդ երկիրը ամէն բանէ առաջ հզօր երկիր է:
Վերադառնալով Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան, պէտք է անպայման զուգահեռ մը գծելով առանձնացնել Մոսկուա-Ուաշինկթըն կապը եւ յետ- թրամփեան Ամերիկային հանդէպ Մոսկուայի ընդհանուր կեցուածքները:
Այստեղ տեղին կը համարեմ նշել, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրութեան լուրէն անմիջապէս ետք լրահոսին մէջ հասանելի դարձաւ անոր նախագահական ընտրարշաւի խորհրդականներէն՝ Քարթըր Փէյճի կատարած յայտարարութիւնը: Փէյճ, որ կը համարուէր Թրամփի մօտ «Մոսկուայի ականջ»ը, կը յայտնէր, որ «յաղթանակի այս գիշերը կարեւորագոյն գիշերն է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի համար»: Փէյճ, որուն «Մոսկուայի մարդ» ըլլալուն մասին տասնեակ հրապարակումներ եղած էին, ստիպուած էր լքել իր պաշտօնը եւ ներկայ փուլին քիչ չեն այն խօսակցութիւնները, որ ան կրնայ ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութեան մէջ կարեւոր դիրք մը զբաղեցնել: Ամէն պարագայի Փէյճի խօսքերը նախանշան էր, որ Մոսկուա անձկութեամբ կը հետեւէր աշխարհի կիզակէտը համարուող այդ իրադարձութեան եւ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, երկու հզօր տէրութիւնները կանգնած են նոր փուլ մը սկսելու հոգեբանական հանգրուանի մը առջեւ:
Բնականաբար Մոսկուայի համար այս նոր յարաբերութիւններու առաջին փորձաքարը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքը:
Բացի անկէ, յստակ է նաեւ, որ Միջին Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտերու» մէջ եղող կողմերը նոյն անձկութեամբ կը սպասեն ԱՄՆ նախագահի առաջին կեցուածքներուն:
Պէտք չէ բացառել, որ փորձագիտական շրջանակներուն մէջ շատ յաճախ շրջանառութեան մէջ կը դրուի այն հանգամանքը, որ Սպիտակ Տուն հասնող ցանկացած նախագահ կը դրժէ իր նախընտրական շրջանի բոլոր խոստումները եւ հանրութեան կը ներկայանայ բոլորովին նոր ոճով: Սակայն խնդիրը այն է, որ այս հանգրուանին այն վիճակին մէջ որ յայտնուած են Իրաքը, Սուրիան եւ Եէմէնը, շատ սակարկութեան տեղ չկայ:
Հոն վէրքերը դարձած են արիւնոտ պալար եւ որեւէ սխալ միջամտութեան մը պարագային, այդ տեղայնական քաղցկեղը կրնայ տարածուիլ այլ ափեր եւ հասնիլ մինչեւ ... հեռաւոր Ամերիկա:
Ուրեմն նոյնինքն Թրամփ խուսանաւելու տեղ չունի:
Ան պարտաւոր է հարցերուն մօտենալ ամենայն լրջութեամբ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու Մոսկուայի հետ միատեղ մտածել հնարաւոր լուծումներու մասին:
Ճիշդ է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին կողմէ Թրամփի ուսերուն պիտի դրուին բաւականին վտանգաւոր եւ ծանրակշիռ թղթածրարներ, բայց եւ այնպէս Տանըլտ Թրամփի համար լուծումներու ընդհանուր տեսադաշտը աւելի հասանելի է ու այդ մէկը պայմանաւորուած է մի քանի հանգամանքներով: Նախ անոր համար, որ Թրամփի «ձեռքերը մաքուր են»: Ան քաղաքական կենսագրութիւն չունի եւ անոր նպատակը չէ իր անցեալի գծած ուղիով քալել: Ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ Թրամփ քաղաքական ուղի ալ չունի:
Յստակատես է ԻՇԻՊ-ի վտանգին դիմաց, բայց օրինակ՝ Սուրիոյ հարցերուն առընթեր յստակ կեցուածք կամ տարազումներ չունի:
Առիթով մը խօսելով Սուրիոյ նախագահի մասին, ըսած է «Ասատը Օպամայէն եւ Հիլըրի Քլինթընէն լաւ է»: Ան չէ խօսած կամ իր գնահատականը չէ տուած Ասատի մասին, բայց վստահօրէն ձեւակերպած է, որ իր համար Ասատին իշխանութենէն հեռանալը գերագոյն կամ առաջնային նպատակ մը չէ:
Եթէ փորձենք արագ հայացք մը նետել մասաւորապէս Սուրիոյ մէջ նախագահ Թրամփի ընտրութեան վերաբերեալ հնչած խօսքերուն , յստակ պիտի դառնայ, որ թէ Սուրիոյ իշխանութիւններ եւ թէ արեւմուտքի կողմէ, որպէս «չափաւորական ընդդիմութիւն» ճանչցուած զինեալ խմբաւորումները դրական նշաններ ուղղարկեցին անոր նախագահ դառնալու առնչութեամբ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդական ՝Պուսայնա Շահպանը օրինակ, յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, թէ Թրամփի յաջորդ քայլերն են միայն, որ ցոյց պիտի տան, թէ Ամերիկայի նոր նախագահը, ինչքանով միտուած է պայքարիլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ:
Հոս խօսքը իրական պայքարի մասին է անշուշտ, որովհետեւ Սուրիոյ կողքին Մոսկուա եւ Թեհրան եւս տարբեր առիթներով այս թեմային մասին խօսելով յատարարած են, որ Արեւմուտքը ահաբեկչութեան դէմ, իր սկսած արշաւը «լրջութեամբ» չի կատարեր:
Այս առումով մեր մտքերուն մէջ է ամերիկացի ծերակուտական եւ «չափաւորական ընդդիմութեան» ջատագով (յատկապէս Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ին կողմնակից) Ճոն Մըքրէյնի այս մասին ըրած մէկէ աւելի յայտատարութիւնները: Մըքէյն, երբ միջազգային դաշնակից ուժեր սկսան օդային հարուածներ կատարել թիրախ դարձնելով յատկապէս ԻՇԻՊ-ի դիրքերը բաւական սքանտալային խօսքով մը ըսաւ, թէ «մեր կործանիչները գրոհներ կատարելու կ'ելլեն, բայց առանց հարուածներ տալու իրենց խարիսխները կը վերադառնան»:
Մըքէյնի խօսքը ուշադրութեան չարժանացաւ հակառակ անոր, որ ամերիկացի գործիչը տարբեր առիթներով այցելած էր Սուրիա եւ մօտէն կը ճանչնար գետնի ընդհանուր իրավիճակը:
Այս բոլորին առընթեր ու բացի անկէ, որ Թրամփ իր քաղաքականութեան առաջին «մկրտարան»ը Միջին Արեւելքն է, յստակ է նաեւ, որ անոր քաղաքականութեան այդ երկիրներուն մէջ անոր քաղաքականութեան յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը, իրենց անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Եւրոպայի մէջ սկիզբ առնելիք փոփոխութիւններուն վրայ, որոնց առաջինը Ֆրանսայի մէջ յառաջիկայ տարի կայացուելիք նախագահական ընտրութիւններն է:
Տակաւին յստակ չէ, որ Տանըլտ Թրամփ ինչ վարկանիշով պիտի աւարտէ իր նախագահական ղեկը ստանձնելու 100-րդ օրը, սակայն երեւելի է, որ Միջին Արեւելքի մէջ այսօր տիրող համատարած անորոշութեան վերջ պիտի տրուի:
Դրական պիտի ըլլայ այդ փոփոխութիւնը կամ ժխտական՝ յստակ չէ, սակայն պարզ է նաեւ, որ ցանկացած փոփոխութիւն կամ փոփոխութեան ճիգ իր մէջ դրական եզրագիծեր ունի:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս