image

«Տահէշ»ի վերջին յենակէտ Պուքամալ քաղաքը ազատագրուած

«Տահէշ»ի վերջին յենակէտ Պուքամալ քաղաքը ազատագրուած

Սուրիոյ Արեւմտեան շրջանին մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու վերջին յենակէտը՝ Տէր Զօր նահանգի Պուքամալ քաղաքը ազատագրուած է: Այս մասին «Ալ-Տիար»ի համաձայն, յայտարարած է Սուրիոյ բանակի գերագոյն հրամանատարութիւնը, նշելով, որ Ալ Պուքամալ քաղաքի ազատագրումը մեծ  նշանակութիւն ունի, քանի որ ան տարածաշրջանի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան պարտութեան վկայութիւնն է եւ անոր հովանաւորներու ծրագիրներուն տապալումը:

«Ալ Պուքամալ քաղաքի ազատագրումը ռազմավարական նուաճում է եւ Սուրիոյ տարածքին տարբեր անուններով գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու լիակատար ոչնչացման շրջադարձային կէտը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ քաղաքի ազատագրումը իրականացած էր սուրիական բանակի եւ իր դաշնակից ուժերուն համատեղ ջանքերով: