image

«Տահէշ»ի պատկանող լրատուական գործակալութեան հիմնադիրը սպաննուած

«Տահէշ»ի պատկանող լրատուական գործակալութեան հիմնադիրը սպաննուած

«Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան պատկանող «Ահմաք» լրատուական գործակալութեան հիմնադիրի եղաբայր՝ Րայան Մաշհալ իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է, որ իր եղբայրը սպաննուած է Սուրիոյ հիւսիսը Տէր Զօրի վրայ Ուաշինկթընի ղեկավարած Միջազգային դաշինքի իրականացուցած օդային յարձակումին: Այս մասին սակայն Միջազգային դաշինքի կողմէ որեւէ մեկնաբանում չէ եղած:

Ֆէյսպուքեան գրառումին մէջ նշուած է, որ Մաշհալ եւ անոր աղջիկ երեխան սպաննուած են իրենց տան մէջ, Ալ-Մայատին քաղաքին մէջ: Մաշհալի եղբայրը գրած է. «Ձեզ կը յայտնեմ մեծ եղբօրս՝ Րայան Մաշհալ անունով ծանօթ, Պարաա Քատէքի մահուան լուրը, որ «նահատակուեցաւ» միջազգային դաշինքի օդային յարձակումի հետեւանքով»:

ԱՄՆ-ի մէջ «Սայթ» հսկողութեան ծառայութեան տնօրէնուհի Ռիթա Քաթս իր հերթին թուիթըրեան էջին գրած է, որ «Միջազգային դաշինքը Տէր Զօրի մէջ կարծես սպաննած է Մաշհալը», աւելցնելով, որ « «Ահմաք»ը 2014-ին հինադրութեան առաջին օրէն ինքզինք ներկայացուցած է որպէս «Տահէշ»ի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած է աշխարհի մէջ  նուազագոյն 24 ահաբեկչական յարձակումներու վերաբերեալ: