«Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան պատկանող «Ահմաք» լրատուական գործակալութեան հիմնադիրի եղաբայր՝ Րայան Մաշհալ իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է, որ իր եղբայրը սպաննուած է Սուրիոյ հիւսիսը Տէր Զօրի վրայ Ուաշինկթընի ղեկավարած Միջազգային դաշինքի իրականացուցած օդային յարձակումին: Այս մասին սակայն Միջազգային դաշինքի կողմէ որեւէ մեկնաբանում չէ եղած:
Ֆէյսպուքեան գրառումին մէջ նշուած է, որ Մաշհալ եւ անոր աղջիկ երեխան սպաննուած են իրենց տան մէջ, Ալ-Մայատին քաղաքին մէջ: Մաշհալի եղբայրը գրած է. «Ձեզ կը յայտնեմ մեծ եղբօրս՝ Րայան Մաշհալ անունով ծանօթ, Պարաա Քատէքի մահուան լուրը, որ «նահատակուեցաւ» միջազգային դաշինքի օդային յարձակումի հետեւանքով»:
ԱՄՆ-ի մէջ «Սայթ» հսկողութեան ծառայութեան տնօրէնուհի Ռիթա Քաթս իր հերթին թուիթըրեան էջին գրած է, որ «Միջազգային դաշինքը Տէր Զօրի մէջ կարծես սպաննած է Մաշհալը», աւելցնելով, որ « «Ահմաք»ը 2014-ին հինադրութեան առաջին օրէն ինքզինք ներկայացուցած է որպէս «Տահէշ»ի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած է աշխարհի մէջ նուազագոյն 24 ահաբեկչական յարձակումներու վերաբերեալ: