Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները կարեւոր հարուած տուած են «Տահէշ»ին յատկապէս երկրի անապատային հատուածներուն մէջ:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է տուած է «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին Ռուսաստանեան ուժերուն հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիոյ բանակը յաջողած է «Տահէշ»ի տիրապետութիւնէն ազատագրել յատկապէս Սուրիոյ անապատային «Ալ Քոմ» գիւղաքաղաքին մերձ եղող քանի մը շրջաններ, որոնք կը գտնուէին «Տահէշ»ի տիրապետութեան տակ:
Յիշեցնենք որ մէկ շաբաթ առաջ, սուրիական բանակը նաեւ ազատագրած է «Ալ Սախնէ» քաղաքը: Այսպիսով՝ «Տահէշ»ի ազդեցութեան գօտիները փոքրացած են եւ կազմակերպութիւնը ներկայիս կը գտնուի Սուրիոյ անապատային շրջաններու կեդրոնական հատուածին ՝«Ալ Սախնէ» եւ «Ալ Քոմ» շրջաններուն միջեւ:
Սուրիոյ բանակի ռազմական պատասխանատուներէն մին, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Տահէշ»-ի օրերը հաշուուած են:
Յիշեցնենք, որ «Ռաքքա» եւ «Տէր Զօր» քաղաքներուն մէջ գտնուող «Տահէշ» կազմակերպութեան անդամները շրջապատուած են ամերիկեան ուժերու հովանաւորութիւնը վայելող քրտական ուժերուն եւ Սուրիոյ բանակին կողմէ: