image

Երեւանն ու Պիշքեքը դարձան քոյր քաղաքներ

Երեւանն ու Պիշքեքը դարձան քոյր քաղաքներ

 

Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սատիր Ժափարովի՝ Երեւան կատարած այցելութեան շրջածիրէն ներս, ստորագրուած է երկու քաղաքներուն միջեւ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու համաձայնագիր։

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ համաձայնագիրը գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ քաղաքային կառավարման, փոխադրութեան, բնապահպանութեան, մշակոյթի, մարզանքի, առողջապահութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ։