Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 17-ի ցերեկը եւ 18-19-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Հոկտեմբեր 20-22-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։
Հանրապետութեան տարածքին Հոկտեմբեր 17-ի եւ 19-ի ցերեկը, իսկ 20-22-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, կարգ մը շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։ Հոկտեմբեր 18-ին եւ 19-ի գիշերը սպասելի է առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան, վայրկեանը 2-5 մեթր արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը էական փոփոխութիւն պիտի չկրէ։