image

Լիբանանի նախագահը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի հետ քննարկած է Իսրայէլի կողմէ շարունակական մագլցումը

Լիբանանի նախագահը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի հետ քննարկած է Իսրայէլի կողմէ շարունակական մագլցումը

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ, որու ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը՝ վերջին զարգացումներուն լոյսի ներքոյ։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի նախագահական գրասենեակը։

Հեռազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լիբանանի հարաւը տիրող կացութեան՝ նկատի ունենալով Իսրայէլի կողմէ այդ շրջանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն դէմ շարունակուող յարձակումները։

«Նախագահ Աուն խնդրած է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու այդ յարձակումները, հետեւելու շրջանակային համաձայնագիրի պայմաններուն, կասեցնելու պուլտոզերներով քանդման գործողութիւնները եւ արտօնելու, որ գիւղացիները կարենան մուտք գործել իրենց արտերը՝ առանց յարձակումներու ենթարկուելու», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախագահ Աուն վստահեցուցած է, որ բանակն ու ապահովական ուժերը լիովին կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները՝ զէնքի եւ զինամթերքի գրաւման, ինչպէս նաեւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ որոշումներուն գործադրման ուղղութեամբ։ Ան աւելցուցած է, որ դատական մարմինները կը հետեւին իրենց յանձնուած բոլոր գործերուն, եւ մեղաւորներուն նկատմամբ ներողամիտ վերաբերմունք պիտի չցուցաբերուի։ Օրէնքը պիտի գործադրուի առանց որեւէ կողմնակալութեան։

Ռոյթըրզի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը յայտնած է, որ Ռուպիօ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կոչ ըրած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ ուղղակի զինուորական կապ հաստատելու՝ «հակամարտութիւնը դադրեցնելու նպատակով»։

Պաշտօնատարին համաձայն՝ նախարար Ռուպիօ անդրադարձած է նաեւ «Հըզպալլա»էն հարիւրաւոր քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթերու գրաւման հարցին։

Ան կոչ ըրած է Աունին՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք հրահանգած, ֆինանսաւորած եւ ուղղորդած են այդ բեռին փոխադրութիւնը։ Ռուպիօ նաեւ ընդգծած է, որ պայթուցիկ նիւթերը «Հըզպալլա»ին վերադարձնելը բացարձակապէս անթոյլատրելի է։

 

Աւելի վաղ, «Հըզպալլա»ի անդամներէն մէկը յայտարարած էր, որ անցեալ շաբաթ լիբանանեան ապահովական ուժերուն կողմէ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերը կը պատկանէին խմբաւորումին։