image

Թուրքիոյ մէջ երկար դադարէ ետք նշած են Հայաստանի Անկախութեան օրը

Թուրքիոյ մէջ երկար դադարէ ետք նշած են Հայաստանի Անկախութեան օրը

Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցած է՝ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով։ Թուրքիան ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պերիս Էքինճին։ Նման ձեռնարկին Թուրքիոյ ներկայացուցիչի այսքան բարձր մակարդակով մասնակցութիւնը աննախադէպ եղած է։

Ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը։ Հայաստանը ներկայացուցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը։ Ելոյթներէն ետք հնչած են երկու երկիրներու ազգային քայլերգները։

«Մենք երկկողմանիօրէն կը շարունակենք կարգաւորման գործընթացը՝ առաւելագոյն անկեղծութեամբ եւ վճռակամութեամբ, լիակատար կարգաւորման հասնելու վերջնական նպատակով։ Այս շրջածիրէն ներս շատ ուրախ ենք տեսնելու, որ մեր երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու վերջին աճը զգալիօրէն նպաստած է մեր երկկողմանի երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման յառաջխաղացման։

Մենք նաեւ շարք մը գործնական քայլերու դիմած ենք՝ փոխադրութեան, ուժանիւթի, մշակոյթի եւ ուղիղ առեւտուրի վերականգնման մարզերուն մէջ։ Այս բոլոր քայլերը մեզի ամուր հիմքեր կու տան մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ նայելու մեր տարածաշրջանի ապագային։ Թուրքիան միշտ աջակցած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացին։

Այս երեկոյ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին եւս պիտի շարունակենք մեր անկեղծ եւ անսասան աջակցութիւնը ցուցաբերել այս գործընթացներուն», ըստ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթին՝ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պերիս Էքինճին։

 

Ձեռնարկի ընթացքին կողմերը յայտնած են յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը շարունակելու, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը։