Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան ողնաշարի վիրահատութեան ենթարկուած է, կը յայտնէ Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Այս պահուն աշխարհի քառակի ախոյեանը յետվիրահատական ապաքինման շրջան կ՚անցընէ, որմէ ետք պիտի վերադառնայ մարզումներուն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Արթուր Ալեքսանեան պիտի չմասնակցի աշխարհի յառաջիկայ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ։