image

Ատրէյճան հերքած է Իսրայէլի նախագահի՝ Պաքու ժամանելու մասին լուրերը

Ատրէյճան հերքած է Իսրայէլի նախագահի՝ Պաքու ժամանելու մասին լուրերը

Ատրպէյճանական պետական APA գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի՝ Ատրպէյճան այցելութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ տարածուած որոշ պնդումները որեւէ հիմք չունին։

Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ Հերցոկ, իր օգնականի եւ փոքրաթիւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Պաքու ժամանած է սովորական ուղեւորատար թռիչքով՝ տոմսերը ձեռք բերելով ընդհանուր կարգով։

Այնուամենայնիւ, Իսրայէլի նախագահի այցելութիւնը Թուրքիոյ մէջ քննադատութեան առիթ դարձած է Ատրպէյճանի հասցէին։ APA շեշտած է, որ Հերցոկի՝ Պաքու ժամանելու ձեւի վերաբերեալ դժգոհութիւնները անհիմն են, քանի որ խօսքը սովորական ուղեւորատար թռիչքի մասին է։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի նախագահը Ատրպէյճան այցելած էր՝ մասնակցելու Ասիոյ մէջ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու վերաբերեալ խորհրդաժողովի 7-րդ գագաթնաժողովին։