image

«Տահէշ» սուրիացի օդանաւորդ մը ողջակիզած է (Լուսանկար)

«Տահէշ» սուրիացի օդանաւորդ մը ողջակիզած է (Լուսանկար)

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Մուհամմէտ մարգարէի ծննդեան տօնին առթիւ նոր յանցաւոր արարք իրագործած է, որ կը վերբերի սուրիացի օդանաւորդի մը ողջակիզման դէպքին: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Հատաս Նիուզ» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նշած է, որ ահաբեկչական խմբաւորումը տեսանիւթ մը տարածած է, որուն տեւողութիւնը 58 վայրկեան է, ուր պատկերուած է խմբաւորման մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մարտերէն տեսարաններ, ինչպէս նաեւ դանակներով մորթուած զինուորներու սպանութիւններ, որոնց ինքնութիւնը չի յայտնուիր, եւ ի վերջոյ, ձեռքերն ու ոտքերը ծառի մը բունին կապուած սուրիական բանակի օդանաւորդներէն մէկուն ողջակիզումը:

Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններու, օդանաւորդը Համայի արեւելեան շրջանի Սալամիէ քաղաքէն է: