image

«Տահէշ»-ի հիմնական թիրախը քրիստոնեաներն են

«Տահէշ»-ի հիմնական թիրախը քրիստոնեաներն են

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումն իր հետեւորդներուն հրահանգած է ուղղուիլ ԱՄՆ եւ Եւրոպա, թիրախաւորելու համար Ս. Ծնունդ եւ Ամանոր նշողները, կը գրէ «Արապի 21» լրատուական կայքը:

Խմբաւորումը հրապարակում մը կատարած է, կոչ  ուղղելով Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւնները թիրախաւորել, առանց հաշուի առնելու կիներու եւ երեխաներու գոյութիւնը, շեշտելով, որ Արեւմուտքը իսլամ կիներ ու երեխաներ կը սպաննէ, հետեւաբար պէտք է նոյն ձեւով փոխադարձել:

Խմբաւորման կողմէ իրագործուելիք ահաբեկչական գործողութիւններէն պէտք է ըլլան, ըստ խմբաւորման հրապարակած կոչին, շոգեկառքերու գիծերու, ժամանցի վայրերու եւ հաւաքատեղիներու թիրախաւորումը, յատկապէս երբ լոյսերը կը մարին: