image
Հրատապ լուրեր:

Տահէշ Աւստրալիացի երեխայ սպաննած է՝ հօրմէն վրէժ լուծելու համար

Տահէշ Աւստրալիացի երեխայ սպաննած է՝ հօրմէն վրէժ լուծելու համար

«Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութիւնը աւստրալիացի երեխայ սպաննած է, անոր հօրմէն վրէժ լուծելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Daily Telegraph»ը, նշելով, որ վրէժխնդրութեան պատճառը պատերազմական շրջաններէն հօր փախուստի դիմելն ու Աւստրալիա վերադառնալու փորձն էր:   

 

Թերթը նշածէ, որ կազմակերպութեան  անդամները մահապատիժի ենթարկած են երեխան, բացայայտելէ ետք անոր հօր Աւստրալիոյ  իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատելու մասին, որոնցմէ խնդրած էր օգնել  իրեն փախչիլ կազմակերպութենէն եւ վերադառնալ իր երկիր:


«The Daily Telegraph»ը տեղեկացուցած է, որ շուրջ 100 Աւստրալիոյ քաղաքացիներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը  պայքարին ահաբեկչական խումբերու, որոնց շարքին նաեւ «Տահէշ»ի շարքերուն մէջ:


Այս կապակցութեամբ, Աւստրալիոյ դատախազ Ճորճ Պրանտզ յայտնած է, որ կառավարութիւնը կը դատապարտէ իւրաքանչիւր  աւստրալիացի մայր կամ հայր, որ իր ընտանիքը կ'առաջնորդէ  դէպի պատերազմական վայրեր:

 

Արեւմտեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ կազմակերպութիւնը կը գրաւէ իր մօտ անդամագրուած օտարերկրացիներու գումարներն ու անձնագրերը, որպէսզի անոնք չկարենան  փախուստի քայլեր ձեռնարկել յետագային: