«Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութիւնը աւստրալիացի երեխայ սպաննած է, անոր հօրմէն վրէժ լուծելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Daily Telegraph»ը, նշելով, որ վրէժխնդրութեան պատճառը պատերազմական շրջաններէն հօր փախուստի դիմելն ու Աւստրալիա վերադառնալու փորձն էր:
Թերթը նշածէ, որ կազմակերպութեան անդամները մահապատիժի ենթարկած են երեխան, բացայայտելէ ետք անոր հօր Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատելու մասին, որոնցմէ խնդրած էր օգնել իրեն փախչիլ կազմակերպութենէն եւ վերադառնալ իր երկիր:
«The Daily Telegraph»ը տեղեկացուցած է, որ շուրջ 100 Աւստրալիոյ քաղաքացիներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը պայքարին ահաբեկչական խումբերու, որոնց շարքին նաեւ «Տահէշ»ի շարքերուն մէջ:
Այս կապակցութեամբ, Աւստրալիոյ դատախազ Ճորճ Պրանտզ յայտնած է, որ կառավարութիւնը կը դատապարտէ իւրաքանչիւր աւստրալիացի մայր կամ հայր, որ իր ընտանիքը կ'առաջնորդէ դէպի պատերազմական վայրեր:
Արեւմտեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ կազմակերպութիւնը կը գրաւէ իր մօտ անդամագրուած օտարերկրացիներու գումարներն ու անձնագրերը, որպէսզի անոնք չկարենան փախուստի քայլեր ձեռնարկել յետագային: