«Middle East Online» թերթը մանրամասնութիւններ փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին Մոսկուա կատարած վերջին այցին մասին:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Սըլման թագաւոր պատրաստակամութիւն յայտնած է Սուրիոյ վերաշինութեան մասնակցելու, միաժամանակ ներկայացնելով իր պայմանը:
Ռուսական աղբիւրները յայտնած են, որ Սէուտեան Արաբիոյ ղեկավարը Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ իր երկիրը չի կրնար մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան այն պայմաններուն մէջ, երբ Իրան ու Ռուսիոյ կողմէ օժանդակուող ուժերը տակաւին այնտեղ են, եւ կրնան օգտուիլ Սէուտեան Արաբիոյ տրամադրելիք գումարներէն, հետեւաբար վերաշինութեան գաղաբարը պէտք է զուգակցի Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծումով, որ պէտք է իրականացուի բացառապէս ներքին ուժերու մասնակցութեամբ:
Լրատուամիջոցներու պնդմամբ, Սուրիոյ վերաշինութեան հարցին մէջ Ռուսիա առաջին հերթին կ'ապաւինի Արաբական ծոցի երկիրներուն, գլխաւորութեամբ Սաուտեան Արաբիոյ, նկատի ունենալով այդ երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Ռուսիա միաժամանակ խոստացած է քանի մը շրջանի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք օտար ուժերու գոյութիւնը վերացնել Սուրիոյ մէջ: