image

Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն քիւրտ ռազմիկներ Աֆրին կը հասնին. Դիմադրութիւնը կը շարունակուի

Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն քիւրտ ռազմիկներ Աֆրին կը հասնին. Դիմադրութիւնը կը շարունակուի

Քիւրտերը կը  շարունակեն դիմադրել Աֆրինի մէջ: Այս մասին     կը գրէ «Ալ Տիար»ը   նշելով,  որ  Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով  քիւրտ   ռազմիկներ  Աֆրին կը ժամանեն:  Կը փոխանցուի նաեւ, որ Քամիշլիի օդակայանը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան իշխանութեան տակ, իսկ կառավարութեան ենթակայ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանի փողոցներուն մէջ քիւրտ օրինապահներ կը շրջին:

Քիւրտ ղեկավարներու փոխանցմամբ, Շէյխ Մաքսուտ շրջանէն մեծ թիւով քիւրտեր մեկնած են Աֆրին, թրքական ուժերուն դէմ պայքարելու:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, քիւրտ զինեալներէն մէկուն յուղարկաւորութեան ժամանակ 10 քիւրտ սպաննուած է:

Այլ աղբիւրներ եւս փոխանցած են, որ տարբեր քաղաքներէ հարիւրաւոր ինքնաշարժներ քիւրտ քաղաքացիներ տեղափոխած են Աֆրին, այնտեղ պայքար մղող իրենց ազգակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: