image

Սուրիոյ նախագահը այսօր այցելած է «Հըմէմին» զինուորական օդակայան (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Սուրիոյ նախագահը  այսօր այցելած է  «Հըմէմին» զինուորական  օդակայան (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ   այսօր  այցելած  եւ  շրջայց մը կատարած է   «Հըմէմին»ի  (Լաթաքիա)  զինուորական  օդակայան:   Ասատ  մօտէն ծանօթացած է   զինուորական   խարիսխի աշխատանքներուն  եւ   զրուցած է    օդակայանին մէջ      տեղեկայուած ռուսական զօրքերու բարձրաստիճան   սպաներուն հետ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ  բարձրացած է   ռուսական կործանիչ մը  ու    սպաներուն օգնութեամբ   մուտք  գործած է   ռուսական       կործանիչին մէջ:  Կը նշուի, որ  Ասատ  յատկապէս  ծանօթացած է   ռուսական  Սու-35    արդիական   կործանիչներուն:

Սուրիոյ նախագահը ընդունուած է  Սուրիա  գործուղուած  ռուսական զօրքերու ընդհանուր հրամանատար   զօր. Վալէրի Կէրասիմովի   եւ սպայակոյտի       պատասխանատուներուն կողմէ:

Նախագահ Ասատի  այս այցելութեան  մասին տեղեկութիւնը  փոխանցած է  նախագահի   «Թէլէկրամ» ծառայութեան   պաշտօնական   էջը: