Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ աշխատանքային այցով կը գտնուի Սոչի: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր առաւօտ ընդունած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը, եւ կողմերը քննարկած են Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումները:
Փութին կարճ յայտարարութիւն մը ընելով, նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահը պատրաստ է Սուրիոյ տագնապի լուծման գործընթացը քննարկել բոլոր այն կողմերուն հետ, որոնք կը ձգտին խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Այս առթիւ Քրէմլինի հրապարակած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Փութին շնորհաւորած է Ասատը, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին ձեռք բերուած արդիւնքներու կապակցութեամբ», աւելցնելով, որ «Սուրիոյ ժողովուրդը աստիճանաբար կը մօտենայ ահաբեկիչներու վերջնական պարտութեան, ինչը անխուսափելի արդիւնք է»:
Փութին հաստատած է, որ «այժմ կարեւոր է Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման հասնիլը», մատնանշելով, որ «Ասատ պատրաստ է աշխատիլ բոլոր՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ձգտող կողմերուն հետ»:
Իր կարգին Սուրիոյ նախագահը փարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ: Ան նաեւ յայտարարած է, որ եթէ ահաբեկիչներու դէմ երեւելի յաղթանակներ չգրանցուէին , ապա դժուար պիտի ըլլար խօսիլ քաղաքական լուծման հեռանկարներու կամ որեւէ գործընթացի մասին: