image

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ Սոչի կ'այցելէ. Տեղի ունեցած է Ասատ-Փութին հանդիպումը

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ Սոչի կ'այցելէ. Տեղի ունեցած է Ասատ-Փութին հանդիպումը

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ աշխատանքային այցով կը գտնուի Սոչի: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր առաւօտ ընդունած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը, եւ կողմերը քննարկած են Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումները:

Փութին կարճ յայտարարութիւն մը ընելով, նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահը պատրաստ է Սուրիոյ տագնապի լուծման գործընթացը քննարկել բոլոր այն կողմերուն հետ, որոնք կը ձգտին խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:

 

Այս առթիւ Քրէմլինի հրապարակած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Փութին շնորհաւորած է Ասատը, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին ձեռք բերուած արդիւնքներու կապակցութեամբ», աւելցնելով, որ «Սուրիոյ ժողովուրդը աստիճանաբար կը մօտենայ ահաբեկիչներու վերջնական պարտութեան, ինչը անխուսափելի արդիւնք է»:

Փութին հաստատած է, որ «այժմ կարեւոր է Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման հասնիլը», մատնանշելով, որ «Ասատ պատրաստ է աշխատիլ բոլոր՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ  կայունութեան ձգտող կողմերուն հետ»:

Իր կարգին Սուրիոյ նախագահը փարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ: Ան նաեւ յայտարարած է, որ եթէ ահաբեկիչներու դէմ երեւելի յաղթանակներ չգրանցուէին , ապա դժուար պիտի ըլլար խօսիլ քաղաքական լուծման հեռանկարներու կամ որեւէ գործընթացի մասին: