Սուրիոյ կառավարութիւնը անվճառ հողեր պիտի տրամադրէ Համայի մէջ նոր գործարաններ հիմնելու կամ իրենց գործարանները վերաբանալու ծրագիրներ ունեցող սուրիացիներուն: Այս մասին Սուրիոյ վարչապետը յայտարարած է Համայի առեւտրականներու եւ արդիւնաբերութեամբ զբաղուող անձերու հետ հանդիպման ժամանակ, նշելով, որ ամէտ տեսակի դիւրութիւններ եւ մաքսային տուրքերէ ազատումներ պիտի տրամադրուին նախաձեռնողներուն:
Նշենք, որ «Սանա» գործակալութիւնը անդրադառնալով վարչապետի յայտարարութեան, նշած է, որ այս ծրագիրը կը նպաստէ տնտեսութեան եւ ընկերային կենանքի զարգացման եւ կը ստեղծէ աշխատանքայի նոր տեղեր:
Աղբիւրի համաձայն, եկող շաբաթ պիտի ճշդուի նաեւ դրամատնային վարկ տրամադրելու համապատասխան ծառայութիւն մը, որ անմիջապէս գործադրութեան պիտի դրուի: