image

Սուրիոյ կառավարութիւնը անվճառ հողեր պիտի տրամադրէ Համայի մէջ

Սուրիոյ կառավարութիւնը անվճառ հողեր պիտի տրամադրէ Համայի մէջ

Սուրիոյ կառավարութիւնը անվճառ հողեր պիտի տրամադրէ Համայի մէջ նոր գործարաններ հիմնելու կամ  իրենց գործարանները վերաբանալու ծրագիրներ ունեցող սուրիացիներուն: Այս մասին Սուրիոյ վարչապետը յայտարարած է Համայի  առեւտրականներու եւ արդիւնաբերութեամբ զբաղուող անձերու հետ հանդիպման ժամանակ, նշելով, որ ամէտ տեսակի դիւրութիւններ եւ մաքսային տուրքերէ ազատումներ պիտի տրամադրուին նախաձեռնողներուն: 

Նշենք, որ «Սանա» գործակալութիւնը անդրադառնալով վարչապետի յայտարարութեան, նշած է, որ այս ծրագիրը  կը նպաստէ տնտեսութեան եւ ընկերային կենանքի զարգացման  եւ կը ստեղծէ  աշխատանքայի նոր  տեղեր:

Աղբիւրի համաձայն, եկող շաբաթ պիտի ճշդուի նաեւ դրամատնային վարկ տրամադրելու համապատասխան ծառայութիւն մը, որ անմիջապէս գործադրութեան պիտի դրուի: