image

«Սուրիոյ եւ «Հըզպալլա»ի ճակատագիրը մէկ է».Պուսայնա Շաապան

«Սուրիոյ եւ «Հըզպալլա»ի ճակատագիրը մէկ է».Պուսայնա Շաապան

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտարարած է, որ Սուրիա առիթ պիտի չտայ Իսրայէլին «Հըզպալլա»ի դէմ պայքարի դուրս գալու, ըսելով. «մեր ճակատագիրը մէկ է»:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Շաապան յայտնած է, որ Իսրայէլ կը գիտակցի «Հըզպալլա»ի ուժին, եւ անհաւանական է որ արկածախնդրութեան դիմէ: Այնպէս է պարագան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, որ պիտի չկարողանայ Լիբանանի անվտանգութիւնը խաթարել:

Պուսայնա Շաապան համարած է, որ վարչապետ Հարիրիի այլ երկրէ մը հրաժարական յայտարարելը «անհարիր է», աւելցնելով, որ Դամասկոսի եւ «Հըզպալլա»ի ու Իրանի համագործակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի բոլոր կողմերուն համար:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ճգնաժամին, Շաապան նշած է, որ որոշ երկիրներու կեցուածքը աստիճանաբար կը բարելաւուի:

Շաապան անդրադարձած  նաեւ ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու անկումնային իրավիճակին, միաժամանակ բարձրաձայնելով, որ շարք կը արեւմտեան երկիրներ, թէեւ բացայայտօրէն թշնամական տրամադրուածութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ նկատմամբ, սակայն թաքուն կերպով կը ձգտին բանակցութիւններ վարել անոր հետ: