Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտարարած է, որ Սուրիա առիթ պիտի չտայ Իսրայէլին «Հըզպալլա»ի դէմ պայքարի դուրս գալու, ըսելով. «մեր ճակատագիրը մէկ է»:
«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Շաապան յայտնած է, որ Իսրայէլ կը գիտակցի «Հըզպալլա»ի ուժին, եւ անհաւանական է որ արկածախնդրութեան դիմէ: Այնպէս է պարագան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, որ պիտի չկարողանայ Լիբանանի անվտանգութիւնը խաթարել:
Պուսայնա Շաապան համարած է, որ վարչապետ Հարիրիի այլ երկրէ մը հրաժարական յայտարարելը «անհարիր է», աւելցնելով, որ Դամասկոսի եւ «Հըզպալլա»ի ու Իրանի համագործակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի բոլոր կողմերուն համար:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ճգնաժամին, Շաապան նշած է, որ որոշ երկիրներու կեցուածքը աստիճանաբար կը բարելաւուի:
Շաապան անդրադարձած նաեւ ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու անկումնային իրավիճակին, միաժամանակ բարձրաձայնելով, որ շարք կը արեւմտեան երկիրներ, թէեւ բացայայտօրէն թշնամական տրամադրուածութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ նկատմամբ, սակայն թաքուն կերպով կը ձգտին բանակցութիւններ վարել անոր հետ: