Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- 18 հազար սուրիացիներ իրենց երիկամները վաճառած են միջսահմանային ցանցերու: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Հայաթ»ը: Ըստ թերթին, պատերազմի ճիրաններուն մէջ ապրող սուրիացիներուն կրակոցներու տակ ապրելու, կամ ալեկոծ ծովուն յանձնուած մակոյկներով գաղթի դիմելու տանջանքներէն անդին կայ շատ աւելի վտանգաւոր եւ ահարկու աշխարհ մը՝ շրջանառութեան դրուած սուրիացիներու մարմնի անդամներու վաճառքի սեւ շուկան, երեւոյթ մը, որ իր սարսափազդութեամբ կը գերակշռէ անչափահասներու ամուսնութեան առեւտուրը, անչափահասներու շահագործումը կամ մուրացկանութեան երեւոյթները: Այս ուղղութեամբ կատարուած հետաքննութեան արդիւնքով բացայայտուած են անծայրածիր ցանցեր, սկսած Սուրիայէն, շարունակուելով հասնելով Լիբանան, Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Ինչպէս պարզուած է, այս ցանցերը վարողներն ու գործարք կատարողները հիմնականին մէջ եղած են բժիշկներ, անվտանգութեան մարմիններու կեղծ սպասարկողներ, նախադէպեր ունեցող ոճրագործներ եւ երբեմն նոյնիսկ պոռնկատուներու կառավարիչներ: Հետաքննութիւնը փաստագրած է ձերբակալուած ցանցերու մասին մանրամասնութիւններ եւ բացայայտած այն պատճառները, որոնք կը քաջալերեն այս երեւոյթի շարունակուիլը, որոնք են 2011 թուականին կէսերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան քաոսային վիճակի մատնուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ սուրիական «մարդկային թրաֆիքինկի դէմ պայքարին» օրէնքի բացը, որու յօդուած 3-ին համաձայն վաճառողը զերծ կը մնայ ամէն տեսակի պատժամիջոցէ: Կը նշուի, որ օրկաններու վաճառքի գործընթացները տեղի ունեցած են կամ օրկանի տիրոջ յօժարակամութեամբ, կամ Եւրոպա ապաստանելու մղումէն դրդուած կամ ապրուստի ծախսը ապահովելու համար եւ կամ պարտադրաբար: Կը տեղեկանանք նաեւ, որ երիկամի վաճառքով չէ սահմանափակուած առեւտուրը, այլ վաճառքի հանուած են նաեւ լեարդի կամ թոքի մէկ մասը, աչքը եւ այլն: Հետաքննութենէն կը պարզուի նաեւ, որ այս շրջանակներէ ներս առեւտուրի առարկայ դարձած էր յղի կիներու Լիբանան փախցնելով անոնց նորածիններու վաճառքը, առեւտուրի աշխուժ միջոց ծառայած է նաեւ օրկաններու առեւտուրի օնլայն սակարանները: Ըստ նոր ձեւաւորուած բժշկական դատավարութեան, ղեկավար մարմնի նախագահ՝ բժիշկ Հասան Նաուֆալի ներկայացուցած բժշկական փաստագրումին, պատերազմի չորս տարիներու ընթացքին մարդու օրկաններու թրաֆիքինկի աւելի քան 18 հազար դէպք արձանագրուած է: Սուրիացի փաստաբաններու եւ բժիշկներու միութեանց ղեկավարները շեշտած են, որ այս երեւոյթները առաւել պիտի վատթարանան եւ տարածուին հարեւան երկիրներու մէջ, եթէ միջազգային ուշադրութեան եւ դիտարկման եւ հետապնդումի ջանքեր չգործադրուին զայն ճնշելու միջազգային հետախուզական ոստիկաններու կողմէ: