Սուրիական թղթոսկին անցնող շաբաթ մեծ անկում ապրելէ ետք, այսօր տոլարի դիմաց աճ արձանագրած է: Այսօր Սուրիոյ մէջ մէկ տոլարը կ'արժէ 500 (գնման արժէք)- 510 (վաճառքի արժէք) սուրիական թղթոսկի: Մինչ անցեալ շաբաթ մէկ տոլարի վաճառքի գինը սուրիականի դիմաց հասած էր 646 սուրիական թղթոսկիի:
Այս կապակցութեամբ «Արեւելք» կապ հաստատեց դամասկահայ Վահէ Մահշիկեանի հետ, որ իր հերթին պարզաբանելով, ըսաւ. «Սուրիական պետութիւնը առաջքը առնելով սեւ շուկայի գործարքներուն, կրցած է իր հովանաւորութեան տակ առնել տոլարի փոխանակման գիները»,-աւելցնելով, որ ասոր արդիւնքով տոլարի պահանջը գրեթէ վերացած է, եւ տոլարի հիմնական տոկոսը լեցուած է Սուրիական կեդրոնական դրամատուն, անոր արժէքը իջեցնելով 500-510 դրամի:
Յիշեցնենք, որ նախքան Սուրիոյ պատերազմը, մէկ ամերիկեան տոլարին դիմաց Սուրիոյ քաղաքացիները կը վճարէին միայն շուրջ 50 սուրիական թղթոսկի: