image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական թղթոսկիին՝ տոլարին դիմաց բարելաւումը խուճապ կ'առաջացնէ քաղաքացիներուն մօտ

Սուրիական թղթոսկիին՝  տոլարին  դիմաց բարելաւումը խուճապ կ'առաջացնէ քաղաքացիներուն մօտ

Սուրիական թղթոսկին անցնող շաբաթ մեծ անկում ապրելէ ետք, այսօր տոլարի դիմաց աճ արձանագրած է: Այսօր Սուրիոյ մէջ մէկ տոլարը կ'արժէ 500 (գնման արժէք)- 510 (վաճառքի արժէք)  սուրիական թղթոսկի: Մինչ անցեալ շաբաթ մէկ տոլարի վաճառքի գինը սուրիականի դիմաց հասած էր 646 սուրիական թղթոսկիի:

Այս կապակցութեամբ «Արեւելք» կապ հաստատեց դամասկահայ  Վահէ Մահշիկեանի հետ, որ իր հերթին պարզաբանելով, ըսաւ. «Սուրիական պետութիւնը առաջքը առնելով սեւ շուկայի գործարքներուն, կրցած է իր հովանաւորութեան տակ առնել տոլարի փոխանակման գիները»,-աւելցնելով, որ ասոր արդիւնքով տոլարի պահանջը գրեթէ վերացած է, եւ տոլարի հիմնական տոկոսը լեցուած է Սուրիական կեդրոնական դրամատուն, անոր արժէքը իջեցնելով 500-510 դրամի:

Յիշեցնենք, որ նախքան Սուրիոյ պատերազմը, մէկ ամերիկեան տոլարին դիմաց Սուրիոյ քաղաքացիները կը վճարէին միայն շուրջ 50 սուրիական թղթոսկի: