Տէր Զօրի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վերջին ռազմակէտերը ոչնչացնելէ ետք Սուրիոյ բանակն այժմ իր տիրապետութեան տակ առած է քաղաքի թաղամասերուն մեծ մասը: Այս մասին յայտնած է «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը:
«Սուրիական բանակի միաւորներն իրենց տիրապետութեան տակ առած են Հաթլա գիւղը, Տէր Զօրի հիւսիսային մուտքին մօտ գտնուող Ալ Սալիհիէ շրջանի Ալ Հալապիէ հրապարակը, Ալ Մայատին քաղաքի Ալ Պալում եւ Ալ Մատիհի թաղամասերը, այնտեղ գտնուող «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման վերջին հենակէտերը ոչնչացնելէ ետք»,- նշուած է գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշենք նաեւ, որ սուրիական բանակը իր տիրապետութեան տակ առած է նաեւ Ալ Մայատին քաղաքին շուրջն ու Եփրատ գետի արեւելեան ափին գտնուող շարք մը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր: