Յորդանան- Յորդանանի մէջ գտնուող «Ալ Զահթարի» գաղթակայանին ընդհանուր պատասխանատուն Հայազգի է: Լիբանանահայ Յովիկ Էթիէմէզեան Յորդանանի սուրիացի գաղթականներու մեծագոյն գաղթակայանին ընդհանուր պատասխանատուն է: Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քամէրուն երէկ այցելած էր գաղթակայան մօտէն ծանօթանալու համար անոնց ընդհանուր իրավիճակին: Վարչապետը ընդունուած էր շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող պաշտօնատարներու եւ գաղթակայանի ընդհանուր պատասխանատու Էթիէմէզեանին կողմէ: Էթիէմրէզեան Յորդանանէն առաջ մարդասիրական առաքելութիւններ ստանձնած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին ան ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող պատասխանատու կարեւոր դիրք կը գրաւէ: Յովիկ Էթիէմէզեան հարցազրոյց մը տուած է «Արեւելք»ին, որը պիտի հրապարակենք աւելի ուշ:




