image

Սուրիացիներու «Զահթարի» Գաղթակայանի Ընդհանուր Պատասխանատուն Հայ Մըն է ՝ Յովիկ Էթիէմէզեան (Լուսանկարներ)

Սուրիացիներու   «Զահթարի» Գաղթակայանի   Ընդհանուր Պատասխանատուն Հայ Մըն է ՝ Յովիկ Էթիէմէզեան    (Լուսանկարներ)

 Յորդանան-  Յորդանանի մէջ գտնուող «Ալ Զահթարի»  գաղթակայանին ընդհանուր պատասխանատուն Հայազգի  է:   Լիբանանահայ Յովիկ Էթիէմէզեան  Յորդանանի սուրիացի  գաղթականներու  մեծագոյն    գաղթակայանին  ընդհանուր պատասխանատուն է:  Նշենք, որ     Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետ   Տէյվիտ Քամէրուն երէկ    այցելած էր գաղթակայան մօտէն ծանօթանալու համար  անոնց  ընդհանուր  իրավիճակին:   Վարչապետը ընդունուած էր    շրջանին մէջ  ՄԱԿ-ի մարդասիրական առաքելութիւն  իրականացնող  պաշտօնատարներու  եւ գաղթակայանի ընդհանուր պատասխանատու  Էթիէմէզեանին կողմէ: Էթիէմրէզեան      Յորդանանէն առաջ   մարդասիրական   առաքելութիւններ ստանձնած է   բազմաթիւ երկիրներու մէջ:   Հակառակ իր  երիտասարդ տարիքին  ան ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող       պատասխանատու կարեւոր դիրք կը գրաւէ: Յովիկ Էթիէմէզեան   հարցազրոյց մը տուած է  «Արեւելք»ին, որը պիտի հրապարակենք աւելի ուշ: