Ամերիկեան «The Atlantic» ամսագիրը յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Ասատ մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ, սուրիական բանակը վերակազմաւորելու համար, իսկ մեծագոյն խնդիրը սուրիացիներու մեծամասնութեան զինուորագրուելու ցանկութիւն չունենալն է:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, 2011 թուականին, երբ Սուրիոյ ճգնաժամն սկիզբ առաւ, բանակի կազմը 250 զինուոր կ'ընդգրկէր, սակայն ժամանակի ընթացքին տասնեակ հազարներ դասալիք եղան, ուրիշներ զոհուեցան, որուն հետեւանքով ալ բանակը զգալիօրէն տկարացաւ:
Յատկանշական է նաեւ այն, որ թէ' Ասատի համակիրները, թէ' ընդդիմադիրները համոզուած են, որ պատերազմը մօտալուտ աւարտ պիտի չունենայ, հետեւաբար մեծ թիւով ընտանիքներ վտանգը աչքի առած կը փորձեն իրենց 18-42 տարեկան տղայ զաւակները ապօրինի ճանապարհներով երկրէն դուրս բերել, խուսափելով պարտադիր զինուորական ծառայութենէ:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ զօրակոչման տարիքի եղող երիտասարդները շատ յաճախ որպէս նշանակէտ կ'ունենան Լիբանանը, ուր կ'ապաստանին, փրկուելով զինուորագրուելու վտանգէն, մինչդեռ ուրիշներ կը ստիպուին Սուրիա մնալ, իրենց տուներուն մէջ փակուելով, որովհետեւ ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները պարբերաբար կ'այցելեն թաղերն ու բնակարանները, դասալիքներ յայտնաբերելու նպատակով: