image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի փախստականներու ռուսական նախաձեռնութիւնը տապալա՞ծ

Սուրիացի փախստականներու ռուսական նախաձեռնութիւնը տապալա՞ծ

Ըստ լիբանանեան մէկէ աւելի աղբիւրներու, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ փախստականներուն համար նախատեսուած ռուսական նախաձեռնութիւնը ամբողջապէս տապալած է: Այս մասին այսօր գրած է «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականը, նշելով նաեւ, որ վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ Ռուսաստանի կողմէ նախապատրաստուած եւ սուրիացի փախստականները իրենց երկիրը վերադարձնելու միտուած ռուսական  ծրագիրը, չարժանանալով միջազգային եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդունելութեան, ամբողջութեամբ տապալուած է:

Թերթը, որ խնդրի ամբողջական հանգամանքները չի նշեր, կը տեղեկացնէ, որ իր տուեալները ստացած է Ռուսաստանի մօտիկ կանգնած աղբիւրներէ:

Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն Լիբանան ժամանած սուրիացի փախստականներուն թիւը այսօր կը հասնի շուրջ երկու միլիոնի, բան մը, որ տնտեսական, ընկերային, ինչպէս նաեւ այլ մակարդակի ծանր բեռ կը հանդիսանայ լիբանանցի ժողովուրդին համար: