Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստականներ առիթը ունեցան Ռամատան ամսուան աւարտին իրենց երկիր վերադառնալու եւ այնտեղ նշելու Ֆիթրի տօնը, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անոնց ժամանակաւոր կերպով վերադառնալու իրաւունք շնորհեց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ կարգ մը փախստականներու համար այս առաջին առիթը պիտի ըլլայ՝ տարիներ անց իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն հանդիպելու:
Սուրիա այցելող փախստականները սակայն, տրուած արտօնագրին համաձայն, պարտին Թուրքիա վերադառնալ 45 օրուայ ընթացքին, այլապէս անոնք կրկին փախստականի կարգավիճակ ստանալու դիմում կը ստիպուին ներկայացնել, որպէս նոր մուտք գործողներ:
Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն (2011), Թուրքիա սուրիացի փախստականներ ընդունեց, որոնց թիւը հասաւ 3 միլիոնի եւ այդպիսով ան դարձաւ աշխարհի ամենամեծ թիւով փախստականներ ընդունած երկիրը:
Նշենք նաեւ, որ ոչ բոլոր սուրիացիներն են, որոնք փախստականներու յատկացուած գաղթակայաններուն մէջ կ'ապրին Թուրքիոյ մէջ: