image

Սուրիացի փախստականներ Թուրքիայէն իրենց երկիրը կը վերադառնան՝ Ֆիթրի տօնը նշելու

Սուրիացի փախստականներ Թուրքիայէն իրենց երկիրը կը վերադառնան՝ Ֆիթրի տօնը նշելու

Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստականներ առիթը ունեցան Ռամատան ամսուան աւարտին իրենց երկիր վերադառնալու եւ այնտեղ նշելու Ֆիթրի տօնը, երբ Թուրքիոյ  կառավարութիւնը անոնց ժամանակաւոր կերպով վերադառնալու իրաւունք շնորհեց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ կարգ մը փախստականներու համար այս առաջին առիթը պիտի ըլլայ՝ տարիներ անց իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն հանդիպելու:

Սուրիա այցելող փախստականները սակայն, տրուած արտօնագրին համաձայն, պարտին Թուրքիա վերադառնալ 45 օրուայ ընթացքին, այլապէս անոնք կրկին փախստականի կարգավիճակ ստանալու դիմում կը ստիպուին ներկայացնել, որպէս նոր մուտք գործողներ:

Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն (2011), Թուրքիա սուրիացի փախստականներ ընդունեց, որոնց թիւը հասաւ 3 միլիոնի եւ այդպիսով ան դարձաւ աշխարհի ամենամեծ թիւով փախստականներ ընդունած երկիրը:

Նշենք նաեւ, որ ոչ բոլոր սուրիացիներն են, որոնք փախստականներու յատկացուած գաղթակայաններուն մէջ կ'ապրին Թուրքիոյ մէջ: