Ֆէյսպուք ընկերային ցանցին վրայ ստեղծուած է «Կը պահանջենք կախակայել Արամ Աթէշեանի գործունէութիւնը» էջ: Կը նշուի նաեւ, որ սոյն նախաձեռնութեան անդամները յոյս ունին, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հարցը քննուի օրերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուող միաբանական «Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդ»ի նիստին ընթացքին: Անոնք նաեւ գրած են, թէ Աթէշեանի գործած արարքը (նկատի ունին Էրտողանին գրած նամակը-«Արեւելք») պէտք է քննուի Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ եւ ժողովը պէտք է արագօրէն վճռէ Արամ Սրբազանը կախակայելու խնդիրը: Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր տեղապահը, որ պիտի մասնակցէր Հռոմի Պապին՝ Հայաստան տուած այցելութեան միջոցառումներուն, վերջին պահուն հրաժարեցաւ եւ ջնջեց իր այցելութիւնը: