image
Հրատապ լուրեր:

Սպանիոյ Ալկորկոն քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Ալկորկոն    քաղաքը   ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Ալկորկոն քաղաքը, 25 ապրիլին, պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը։

 

Շուրջ 170 հազար բնակիչ ունեցող քաղաքը, այս որոշմամբ, միացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ ճանչցած մօտ 30 սպանական քաղաքներուն։

 

Նախաձեռնութիւնը Սպանիոյ մէջ իշխող Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչները Ալկորկոնի քաղաքային խորհուրդի մէջ իրականացուցած են: Անոնց միացած են նաեւ միւս քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:

 

Ընդունուած որոշման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Այս յայտարարութեամբ Ալկորկոնի քաղաքապետարանը կը ճանչնայ մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութիւնը, որ մէկ ու կէս միլիոն հայու կեանքը խլեց եւ երկու միլիոն մարդ լքեց իր բնօրրանը»:

 

Քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է ողջ հայ ժողովուրդին եւ կոչ ըրած է Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն օր առաջ ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Քաղաքապետարանի նիստին ներկայ եղած են նաեւ հայ համայնքի եւ Մատրիտի «Հայ տուն» մշակութային միութեան ներկայացուցիչներ, որոնց ներկայացուցած խնդրագիրի հիման վրայ ընթացք տրուած է այս գործընթացին: