image

Շատ Կ'ուզեմ /Մանուէլ Քէշիշեան

Շատ Կ'ուզեմ /Մանուէլ Քէշիշեան

Կարծեմ Նոր Գիւղի երեկուայ զոհերը՝ մայր եւ որդի Վերա եւ Յարութ Կէնտիմեանները հալէպահայութեան 126րդ եւ 127րդ զոհերն են, զորս ցարդ որպէս տուրք վճարեցինք Սուրիոյ տագնապին:

Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր զոհերէն, անոնց հարազատներէն, գաղութէն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդէն երբ «կարծեմ» կ'ըսեմ, ներողութիւն կը խնդրեմ անոր համար որ «126»ն ու «127»ը կը գրեմ պարզապէս որպէս թիւեր.. մինչդեռ երեք ու կէս տարի առաջ տուած մեր առաջին զոհն ու այսօրուանը նոյն ցաւն ու վիշտը պէտք է պատճառէին ինծի (ներեցէ՛ք, նաեւ իւրաքանչիւր հայու) անկախ այն իրողութենէն թէ այդ օր Փիրէնչիքը (օրինակի համար) մեզ ի՞նչ վիճակի մէջ դրած է, որովհտեւ անոնցմէ իրաքանչիւրը մեզմէ իւրաքանչիւրին հարազատն է եւ հաւաքականութիւն մը զօրաւոր է նաեւ իր մասնիկներուն՝ բոլոր մասնիկներուն՝ ներկայ եւ բացակայ, իրար կապուածութեան չափով:

Մի քանի ամիս առաջ Սուլէյմանէի վրայ արձակուած հրթիռներու պատճառած աւերածութեան ու պատճառած ահ ու դողի հետեւանքով հարիւրաւոր հայեր հեռացան երկրէն, Նոր Գիւղի Աղէտը իր աւերածութեամբ կը յիշեցնէ Սուլէյմանիէյինը. մարդիկ որոնք չեն դադրած գաղթել մտածելէ, իրենց հեռանալը արագացնելու ճամբաներ պիտի փնտռեն, բազմաթիւ տատամսողներ պիտի որոշեն գաղթել:

Իրականութեան մէջ անտանելի դարձաւ Հալէպի մէջ կեանքը իր բոլոր երեսներով՝ անապահովութեան հետ նաեւ ջուրէ եւ ելեկտրականութենէ զրկուածութիւնը, անդիմանալի սղութիւնը համարեա բոլորը կը դարձնէ նպաստընկալ, եւ մարդիկ իրաւունք ունին հեռանալու. շատեր երանի կու տան տարիներ առաջ գացածներուն, սակայն քիչ չէ նաեւ հոս մնալ համառողներուն թիւը:

Եւ այսպէս կամ այնպէս հայ կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ. երկու երեք շաբաթ ռումբերը կը դադրին մեր վրայ տեղալէ եւ կը յուսադրուինք, կը համակուինք լաւատեսութեամբ, կը յաջորդէ յոռետեսական շրջանը եւ տեղացող զանազան պայթուցիկները անգամ մը եւս կը յուսալքեն մեզ...

Ներկան անորոշ է, ապագան առաւել եւս:

Իրականութիւնն այն է որ գաղութը օրէ օր աւելի ու աւելի կը նօսրանայ, սակայն իրականութիւն է նաեւ այն որ տասնեակ եկեղեցիներ, տասնեակ դպրոցներ, տասնեակ միութիւններ ունեցող գաղութը չի կրնար շոգիանալ, նոյնիսկ եթէ իրաւացի են անոնք որոնք համոզուած են որ գաղութի զաւակները ամբողջութեամբ պէտք է հեռացնել այս անչափ վտանգաւոր դարձած վայրէն:

Հալէպի մէջ մնացողներ պիտի ըլլան, թերեւս երկու հազար, թերեւս ՄԷԿ հազար, թերեւս աւելի՞ քիչ: Որքան ալ ըլլայ մնացողներուն թիւը, որքան ալ նուազին մեր հոգեւոր եւ մշակութային կառոյցները, Հալէպի մէջ ապրողները պիտի պահպանեն այս թանկագին գաղութը հայութեան համար, կ'ըսենք հայութեան համար, որովհետեւ գաղութ մը միայն իր թիւով չ'արժեւորուիր, որովհետեւ հոս մնացողները տէր պիտի կանգնին հայկական եկեղեցիներուն, ոչ թէ որպէս պահակ, այլ որպէս աղօթատեղի, հոս մնացողները տէր պիտի կանգնին Հայկական Հալէպի ձեռքբերումներուն, որոնք կը պատկանին ամբողջ հայութեան:

Հոս մնացողները հաւանաբար երկար ատեն դժոխքանման կեանք մը ապրին, զրկուած մնան, անապահով վիճակ մը ունենան, հաւանաբար երկար տարիներ անարգուին ալ ու անոնց արժանապատուութիւնը կոխկրտուի, սակայն գաղութը մնայ:

Անհեթեթութիւն է անհատապէս հոս մնալ եւ հայրենակիցներուն ու ոչ միայն հայրենակիցներուն զոհերը հաշուել ու սպասել թէ ե՞րբ կարգդ պիտի գայ, ե՞րբ դուն ալ օր մը կոյր կամ «գիտակից» հրասանդի մը կամ փամփուշտի մը զոհը պիտի դառնաս:

Համայն հայութեան համար ալ անհեթեթութիւն է հեռու ու մօտիկ վայրերու մէջ ապրելով Հալէպի մէջ կատարուող ամէն մէկ քանդումի հետ տխրիլ ու ցաւիլ, ամէն մէկ զոհի վրայ ոչ թէ աչքերէն այլ սրտի ու հոգու խորերէն արցունք թափել:

Այս ամէնը անհեթեթ պիտի մնան եթէ գաղութը վերանայ: Այս ամէնը իմաստ պիտի ունենան, մեր բոլորին ամէն զոհողութիւնները պիտի արժեւորուին եթէ գաղութը մնայ. այդ ատեն մեր զոհերը պիտի դառնան ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ:

Չեմ ուզեր որ իրաւացի ըլլան անոնք, որոնք կը խորհին թէ մէկ վայրկեան առաջ պէտք է բոլոր հալէպահայերը հեռանան այս քաղաքէն, խոստովանիմ յաճախ ես ալ այդպէս կը մտածեմ: Կ'ուզեմ, որ անոնք սխալած ըլլան, շա՜տ կ'ուզեմ:

Այո՛, մեր բոլոր զոհողութիւնները կ'իմաստաւորուին միայն այն ատեն երբ,  Հալէպահայութիւնը մնայ, մնայ որպէս գաղութ, եւ բոլորս ի՛նչ ալ մտածենք, ինչպիսի պատկերացում ալ ունենանք անոր ներկայի եւ ապագայի մասին, աշխատինք վերականգնել մնալիք ԳԱԼԻՔԸ:

Մինչ այդ, երէկ հայեր զոհուեցան, ապագային հայեր պիտի զոհուին, հազարաւոր հայեր տակաւին կենցաղի տարրական պահանջքէ զուրկ պիտի մնան սակայն...

Սակայն այսօր Կիրակի է, պիտի ղօղանջեն մեր եկեղեցիներուն զանգերը, հայերը, հաւատացեալ կամ ոչ, պիտի փութան Հայ Եկեղեցի:

Կիրակի է, եւ Հալէպի բեմերու վրայ պիտի պարեն հայ մանուկները, Հալէպի բեմերու վրայ մանկական երգեր պիտի մատուցանեն մեր զաւակները եւ եւ հանդիսասրահները լեցուն պիտի ըլլան:

Վաղը Երկուշաբթի է: Առաւօտ կանուխ երկու հազար հայ մանուկներ հայկական դպրոց պիտի երթան, ուսում ստանալու, հայերէն սորվելու, եւ այս մանուկներէն շատեր ապագային հայերէնի ուսուցիչներ պիտի ըլլան զանազան գաղութներու մէջ արեւմտահայերէն պիտի սորվեցնեն, հայկական թերթերու խմբագիրներ պիտի ըլլան:

Կ'ուզե՛մ, շա՜տ կ'ուզեմ որ մնայ այս գաղութը: 

    Մանուէլ Քէշիշեան

 Հալէպ 18 Հոկտեմբեր 2015