image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտցիք գոհ չեն Տիապի վարչապետ նշանակուելով

Սէուտցիք  գոհ   չեն Տիապի  վարչապետ նշանակուելով

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները գոհ չեն Հասաան Տիապ Լիբանանի վարչապետ նշանակումով։

Այս  մասին այսօր գրած է  «Էլ Նաշրա» կայքը, նշելով, որ խնդրին մասին արտայայտուած է Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան  Լիբանանի թղթածրարի պատասխանատուներէն՝ Ապտալլա Ալ Ռաքֆը։

Ռաքֆ մասնաւորապէս  ըսած  է, թէ իրենք   պատրաստ չեն  ընդունիլ  նոր վարչապետին  օրինականութիւնը, այնքան  ատեն, որ   Լիբանանի  սիւննիներու կրօնական գլխաւոր   պատասխանատու   հոգեւոր կեդրոն՝  Տար Ալ Ֆաթուան չէ ընդունած  նոր վարչապետը կամ դրական  խօսք  չէ  հնչեցուցած   Տիապի  հասցէին։

 Սէուտցի  պատասխանատուներ նաեւ հարցականներ   հնչեցուցած են, թէ   եթէ իրավիճակն այսպէս շարունակուի եւ Լիբանանի  սիւննիները  գոհ չմնան կամ չընդունին  նոր վարչապետին օրինականութիւնը, ապա   Լիբանանին  օգնութեան  կոչուած միջազգային շրջանակներ պատրաստ պիտի չըլլան օգտակար դառնալ  տնտեսական բարդ  վիճակի մէջ  յայտնուած Լիբանանին։